Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՂԵՑ ՀՀ ԳԱԱ-Ի ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ, «ՃԱՆԱՉՈՒՄԷ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանը, Հինգշաբթի 15 Հոկտեմբեր 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի դահլիճին մէջ ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, ուղղուած, «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Ճանաչումէ Հատուցում» միջազգային գիտաժողովին ներկայ, աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած հայ թէ օտար մասնակիցներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքի ընթերցումէն ետք, ընթերցուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը: Ապա Գրիգոր Սրբազան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը, որ իր չորս կէտերով անցնող 100 տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան անցքերու քաղուածքն էր, սկսած անոր դրդապատճառներէն, մինչեւ ցեղասպանին ուրացման քաղաքականութիւնը, հայ դատի գծով կատարուած աշխատանքները, Սփիւռքահայութեան գերագոյն ճիգը այս ուղղութեամբ, եւ այդ ծիրէն ներս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կատարած հսկայածաւալ աշխատանքը:

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամով երկու գլխաւոր երեւոյթներ լուսարձակի տակ կը բերէր, իբրեւ ուղենշային գաղափարներ ամբողջ գիտաժողովի աշխատանքներուն: ա) Հետեւողութիւն ցուցաբերել 2012 թուականին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած, Հայոց Ցեղասպանութեան շրջագծէն ներս միջազգային օրէնքի աննախադէպ համագումարին, որուն ընթացքին ներկայացուած թէզերը հրատարակուած են արդէն միջազգային համբաւ ունեցող մամուլի էջերուն, եւ բ) Հետապնդում Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին դիմաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած պահանջատիրական դատին, Սիսի Կաթողիկոսարանին կալուածը մեր եկեղեցւոյ վերադարձնելու համար, իբրեւ ազգային կալուած: Այս մտածումը ընդգծելով, Նորին Սրբութիւնը զայն կը համարէր առաջին եւ կարեւոր քայլ, մեր բոլոր ազգապատական կալուածներու վերադարձին:

Բացման նիստին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համառուսական յանձնախումբի ներկայացուցիչը, յատուկ մետալով պարգեւատրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։

Հանդիսաւոր սոյն պահէն ետք, լիագումար նիստը ունկնդրեց գիտաշխատող Աշոտ Մելքոնեանի համապարփակ զեկոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փուլերը հերթաբար բացատրող, ներազգային եւ միջազգային դիտանկիւններէ, ինչպէս նաեւ ցեղասպանին ուրացման քաղաքականութեան շրջագծէն ներս:

Երկու օրերու վրայ տարածուած գիտաժողովը քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան տարբեր երեսները, յատկապէս հատուցումի անկորնչելի իրողութիւնը, մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացման ի խնդիր:

Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը ուղղուած վերոյիշեալ համագումարին.-

Նորին Վսեմութիւն
Սերժ Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան

Սիրելի՛ Պրն. Նախագահ եւ
Յարգելի՛ մասնակիցներ Միջազգային Գիտաժողովին,

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ։ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի հրաւէրին ընդառաջելով հաւաքուած էք միասնաբար քննարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած հարցեր, աշխատանքներ ու ծրագիրներ՝, Հայոց Ցեղասպանութիւն, Ճանաչումէն՝ Հատուցումե ընդհանուր խորագրի ծիրէն ներս։

Յատուկ ուրախութեամբ ու բարձր գնահատանքով կ’ողջունենք այս նախաձեռնութիւնը, որ վստահաբար նոր շեշտ ու արժեւորում պիտի տայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային նշման, ինչպէս նաեւ՝ քննարկումի ու աշխատանքի նոր տարածքներ ու հորիզոններ պիտի բանայ մեր առջեւ։ Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարին շուտով պիտի հասնի իր աւարտին։ Այս առիթով կազմակերպուած աշխատանքներն ու ծրագիրները եւս պիտի ունենան իրենց եզրափակումը։ Բնականաբար, ձեռք ձգուած յաջողութիւններուն ու եղած թերութիւններուն ընդհանուր արժեւորումը եւս յառաջիկային պէտք է տեղի ունենայ։ Սակայն, այս բոլորէն անդին հրամայական անհրաժեշտութիւն է նպատակասլաց հայեցակէտով, իրապաշտ ոգիով ու գործնական մօտեցումով ծրագրել հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման յառաջիկայ գործընթացը։ Այս աշխատանքը Մենք կը նկատենք համահայկական առաջնահերթութիւն։ Այս շրջագծէն ներս պիտի ուզէինք կարգ մը մտածումներ բաժնել ձեզի հետ.-

Ա.- Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան, անոր ներքին ծալքերուն ու հետեւանքներուն մասին հսկայ գրադարան մը լեցնելու չափ հրատարակութիւններ կատարուեցան հայ թէ օտար հեղինակներու կողմէ։ Այս ընթացքը տակաւին կը շարունակուի, պէ՛տք է շարունակուի, յատկապէս օտարներուն կողմէ։ Որքան ալ ցեղասպան թուրքը ուրանայ իր գործած ցեղասպանութիւնը, որքան ալ իր ունեցած քաղաքադիւանագիտական ու տնտեսական հսկայ կարելիութիւնները ի գործ դնէ արգելակելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ձգտող փորձերը. վերջապէս, որքան ալ Թուրքիոյ պետութիւնը իր աշխարհաքաղաքական առաւելութիւններուն վրայ յենած, նոյնիսկ սպառնական մօտեցումներով փորձէ խոչընդոտ հանդիսանալ Արեւմտեան պետութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով կատարուող դրական մօտեցումներուն և արտայայտութիւններուն, 1915-ին թուրք կառավարութեան կողմէ պետական մաշտապով ծրագրուած ու գործադրուած հայ ժողովուրդին բնաջնջումը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է, առաջին ոճիրը մարդկութեան դէմ։

Բ.- Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով մեր ձեռք ձգած իրագործումներուն ու փորձառութեան լոյսին տակ անհրաժեշտ է, որ հանգրուանային մօտեցումով ու ծրագրուած կերպով մուտք գործենք հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու հետապնդման իրաւական մարզը։ Այս աշխատանքը կը նկատենք խիստ հրամայական ու անյետաձգելի։ Այս հաստատ համոզումէն մեկնած, 23-25 Փետրուար 2012-ին, Մեր նախաձեռնութեամբ ու նախագահութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս միջազգային համագումար մը կազմակերպեցինք, ,Հայոց Ցեղասպանութիւն — Ճանաչումէ՝ Հատուցումե խորագրով։ Յիշեալ համագումարին մասնակցեցան աւելի քան երեսուն միջազգային օրէնքի ու ցեղասպանութեան օտար մասնագէտներ ու դատաւորներ զանազան երկիրներէ։ Համագումարին ներկայացուած դասախօսութիւնները հրատարակուեցան միջազգային օրէնքի շրջագծէն ներս մեծ վարկ վայելող International Criminal Law Review-ի յատուկ թիւով, 2014 թուականին։ Նոյն հատորը Անթիլիասի մէջ վերահրատարակեցինք Legal Avenues for Armenian Genocide Reperations խորագրով։ Մեր թելադրութիւնն է, որ հայ դատի իրաւական երեսով զբաղող մասնագէտները կարեւորութեամբ նկատի ունենան յիշեալ հրատարակութիւնները, նկատի առնելով անոնց մասնագիտական որակն ու այժմէականութիւնը։

Գ.- Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ որդեգրուած մարդկային իրաւանց ու ցեղասպանութեան առնչուած բոլոր փաստաթուղթերը յստակօրէն կը շեշտեն թէ՝ ա) ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ, հետեւաբար անոր ետին գտնուող անձը, հաւաքականութիւնը կամ պետութիւնը պէտք է համարատուութեան կանչուի միջազգային ատեանին կողմէ։ բ) Ճանաչում կ’ենթադրէ հատուցում. այլ խօսքով՝ ճանաչում եւ հատուցում իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած են։ գ) Միջազգային օրէնքը նաեւ կը պարզէ հատուցման եղանակն ու ընթացքը։ Հետեւաբար, իրաւական մարզ մուտք գործելէ առաջ անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ ուսումնասիրել յիշեալ բոլոր փաստաթուղթերը յարակից վաւերաթուղթերով, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան իրաւական կառոյցներն ու գործընթացները։

Դ- Անցնող տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման իրաւական մարզէն ներս Մեր կատարած անձնական պրպտումները եւ ունեցած խորհրդակցութիւնները Մեզ կը մղեն մտածելու, որ իրաւական շրջագծէն ներս ամէնէն իրապաշտ ու գործնական քայլը մեր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջքն է։ Միջազգային օրէնքը եւ միջազգային ատեաններու որդեգրած սկզբունքներն ու ուղեգիծերը եւս այս ուղղութեամբ որոշ կարելիութիւններ կ’ընծայեն։ Ահա այս համոզումէն մեկնելով, Սիսի մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանին վերադարձը պահանջող դատ բացինք Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ, որպէս առաջին գործնական ու իրաւական քայլ՝ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մեր բոլոր եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջին։

Բոլորս գիտենք, որ պետութիւններուն մօտ իրաւական ու քաղաքական կառոյցները իրարմէ անջատ են, անջատ կը գործեն ու որոշումներ կ’առնեն։ Նաեւ քաջ գիտենք, որ Թուրքիոյ պարագային, նկատի ունենալով հայ դատին ըստ էութեան քաղաքական բնոյթը, մեր ժողովուրդին կողմէ առնուած իրաւական որեւէ քայլ կրնայ բախիլ թուրք պետութեան քաղաքական դիրքորոշման։ Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ իրապաշտ՝ հեռու ամէն տեսակ ռոմանթիք ու քարոզչական մօտեցումներէ։

Ժամանակը հասած է, որ ցեղասպանութեան գծով մեր աշխատանքները կեդրոնանան իրաւական մարզին վրայ՝ առանց անտեսելու ճանաչման գործընթացը։ Նաեւ ժամանակը հասած է, որ Հայաստան եւ Սփիւռք միա՛սնաբար, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ դերակատարութեամբ ու աշխատելաձեւով, բայց ներդաշնակ կերպով լծուին մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման գործին։

Վստահ ենք, որ հակիրճ կերպով Մեր կատարած մատնանշումները լայնօրէն պիտի քննարկուին՝ պատմական ու աշխարհաքաղաքական խորքի վրայ, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի շրջագծէն ներս։

Ձեր բոլորին կը մաղթենք արդիւնաշատ գործունէութիւն, եւ յաջողութիւն՝ համագումարի աշխատանքներուն։

Հայրապետական ջերմ սիրով ու օրհնութեամբ,

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

15 Հոկտեմբեր, 2015
Անթիլիաս