Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԵՀՈՄ-Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Կաթողիկոս ընդունեց ՀԵՀՈՄ-ի նորընտիր վարչութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, ընդհանուր գծերու մէջ ներկայացուց ընտրութեան գործընթացն ու նոր վարչական անդամներուն պարտականութիւնները: Ապա, միութեան ատենպետ Յովիկ Յակոբեան, Նորին Սրբութեան ներկայացուց ՀԵՀՈՄ-ի տարեկան ծրագիրը: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նոր…