Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Ն.Վ. ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՀՈԼԼԱՆՏԻՆ

 

                                                                                   Անթիլիաս 14 Նոյեմբեր 2015

 

Նորին Վսեմութիւն

Ֆրանսուա Հոլլանտ

Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան

Փարիզ

 

Յարգելի՛ Պրն. Նախագահ,

            Խոր ցաւով ու ընդվզումով երէկ գիշեր հետեւեցանք Փարիզի ահաբեկչական դէպքերուն։ Արդարեւ, հաւաքական ահաբեկչութեան, այլ խօսքով՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը ու հայ եկեղեցին գոյութենական փորձառութեամբ գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ անմեղ մարդոց արիւնը թափել։ Ահաբեկչութիւնը համամարդկային չարիք մըն է, որուն դիմաց աշխարհի բոլոր կրօնները, մշակոյթները, քաղաքակրթութիւնները ու ազգերը կոչուած են հաւաքական կեցուածք որդեգրել զայն արմատախիլ ընելու մարդկային ընկերութենէն։

 

            Կը դատապարտենք Փարիզի ոճիրը. կը բաժնենք Ձեր ցաւն ու ընդվզումը եւ կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին երկար դարերու բարեկամ ու մարդկային գերագոյն արժէքներու հաւատարիմ՝ ֆրանսացի ժողովուրդին։

 

            Կ’աղօթենք ահաբեկչական արարքներուն զոհ գացած անմեղներ հոգիներուն համար, եւ Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոնց ընտանիքներուն։

 

 

                                                                          ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

                                                      ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ