ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԵՔ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Երկուշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած երեք հատորներու շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հանդիսութեան ներկայ էին Ասորի Կաթոլիկ Իգնատիոս Եուսըֆ Գ. Պատրիարքը, պատրիարքներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, լիբանանեան ու հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ եւ շուրջ երկու հարիւր հրաւիրեալներ:              …