Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 36-րդ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Սրբոց Թարգմանիչ Վարդապետներու նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ զետեղուած յատուկ տաղաւարը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կատարեց Հայ Գիրքի 36-րդ ցուցահանդէսի բացումը:   Աւանդութիւն դարձած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ Հայ Գիրքի ցուցահանդէսը ի մի կը բերէ Լիբանանի զանազան…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆԿԼԻԳԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

5-10 Հոկտեմբեր 2015-ին, Կլատսթոն գրադարանին մէջ, Ուէյլզ, Մեծն Բրիտանիա, գումարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի չորրորդ ժողովը:   Սոյն ժողովին Հայ Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուցին՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ, իսկ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ.…