“ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է” ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2015-ի երկոյեան, Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որուն ներկայ էին Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները։ Յիշեալ հանդիպման նպատակն էր միասնաբար քննել Միջին Արեւելքէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած հարցերը եւ որոնել զանոնք լուծելու կարելիութիւնները։ Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը նետելով շրջանէն ներս տեղի ունեցող…