18 November, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՀԵՏԵՒՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ հայ սրբանկարչութեան դասընթացքի հետեւողներուն հետ։ Այս երկրորդ տարին է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանը հայ սրբանկարչութեան յատուկ դասընթացք կը կազմակերպէ Կաթողիկոսարանէն ներս, Հայր Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի ուսուցողութեամբ։ Այս տարի եւս, աշակերտներ պիտի ծանօթանան հայ սրբանկարչութեան արուեստին եւ գործնապէս պիտի սորվին սրբանկարներ պատրաստելու արուեստը:

            Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խօսքը ուղղելով դասընթացքի հետեւողներուն, նախ գնահատեց անոնց ունեցած սէրն ու նուիրումը հայ սրբանկարչութեան նկատմամբ։ Ան, ընդհանուր գիծերով բացատրեց սրբանկարներուն աստուածաբանական խորքն ու իմաստը, և հայ եկեղեցւոյ մօտեցումը՝ թէ՛ իքոններու և թէ՛ սրբանկարներու նկատմամբ։

            Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Հայր Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանին ցուցաբերած նախանձախնդիր աշխատանքը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը աւելի մօտէն ծանօթացաւ դասընթացքի հետեւող աշակերտներուն աշխատանքին։  

 

 

More News