Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան։ Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ առնչուած քաղաքական հարցեր, և այդ ծիրէն ներս հայ համայնքին դերը ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանին և ներկայութեամբ փոխ ատենապետ պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի և Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Եղիկ Ճէրէճեանի: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ազգային կեանքը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու…