1-5 Նոյեմբեր 2015-ին, Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցաւ կրօնի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու նուիրուած միջազգային համագումար մը՝ «Խտրականութիւն, Հալածանք, Նահատակութիւն՝ Միասնաբար Հետեւիլ Քրիստոսի» խորագրով: Համագումարը կազմակերպուած էր Կլոպըլ Քրիսթյըն Ֆորում-ի կողմէ, համագործակցութեամբ Ալպանիոյ Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն: 170 եկեղեցական եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն համագումարին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:
Համագումարի ընթացքին զանազան շրջաններու ներկայացուցիչները խօսեցան եկեղեցիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ժողովին հրաւիրուած էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ Հալէպի շրջափակումի պատճառով կարելիութիւնը չէր ունեցած ներկայ գտնուելու: Հայր Յուսիկը հիմնուելով Շահան Սրբազանին փոխանցած տեղեկութիւններուն վրայ ժողովականներուն պարզեց Սուրիոյ եւ մանաւանդ Հալէպի քրիստոնէութեան իրավիճակը: Խօսքին մէջ ան առաջարկեց, որ եկեղեցիները իրենց ձայնը լսելի դարձնեն պետական շրջանակներու մէջ՝ դիւանագիտական լուծումներ գտնելու, եկեղեցիներուն թիկունք կանգնելու՝ բարոյապէս ու նիւթապէս եւ քրիստոնեայ-իսլամ համագործակցութիւնը ամրապնդելու: Սեպուհ Սրբազան նաեւ խօսեցաւ Իրանի հայկական համայնքին մասին եւ նշեց թէ ամենուրէք հարցեր գոյութիւն ունին, սակայն երկխօսութիւնը լաւագոյն միջոցն է դուրս գալու այդ դժուարութիւններէն:
Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ’ուղղէր պետութիւններու եւ կրօններու ըլլալու հանդուրժող եւ պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները: Նաեւ եկեղեցիներուն՝ որպէսզի ըլլան յանձնառու, դառնան աղօթակից եւ օգտակար դառնան տառապեալ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն:
Համագումարի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները առիթ ունեցան, Ալպանիոյ Արքեպիսկոպոսին ինչպէս նաեւ նախագահին, փոխանցելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարեմաղթութիւնները: