Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ

Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2015-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին, Աթէնքի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար տեսակցութիւններ ունեցաւ ժողովի մասնակից քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետերուն եւ Սէուտական Արաբիոյ պետութեան ներկայացուցիչին հետ: Նորին Սրբութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանին, Ազգային Վարչութեան եւ թեմէն ներս գործող թեմական կառոյցներու հետ:…