«Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը իր եկեղեցիով, Նահատակաց խորանով, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանով եւ յարակից վանական կառոյցներով դարձած է կրօնական ու ազգային ուխտագնացութեան սրբավայր», այսպէս բնորոշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, անցնող օրերու ընթացքին, ուխտաւորներ ընդունելով Սուրբ Աստուածածին Վանքէն ներս:
Ուխտաւորներ՝ հայ թէ օտար, Լիբանանէն թէ արտասահմանէն, գրեթէ ամէն օր կ’այցելեն Սուրբ Աստուածածին Վանքը՝ աղօթելու, խոկալու, յարգանքի տուրք մատուցանելու մեր մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն եւ իրենց հոգեկան գոհունակութիւնը արտայայտելու ի տես հայ ժողովուրդի վերածննդեան:
Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առիթով, բազմահազար ժողովուրդով լեցուն էր Սուրբ Աստուածածին Վանքը: Վստահաբար, յառաջիկայ Շաբաթ, 15 Օգոստոս, 2015-ին, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին եւ ուխտագնացութեան առիթով դարձեալ մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակները պիտի լեցնեն Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակը:
Աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Աստուածածնի ուխտագնացութիւնը կանխող շաբթուան ընթացքին, տեղի կ’ունենայ դասախօսական շարք, ինչպէս նաեւ աղօթքի եւ հոգեւոր խորհրդածութեան պահեր, կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին: Այս տարի եւս, 10-14 Օգոստոս, 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ, պիտի տրուին դասախօսութիւններ՝ «Հետեւինք Քրիստոսի՝ Աստուածամօր հետքերով» ընդհանուր թեմային շուրջ: Ուրբաթ, 14 Օգոստոս, 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին պիտի սկսին մատաղի պատրաստութեան աշխատանքները:
Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին վրայ, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետը պիտի նախագահէ եկեղեցական արարողութիւններուն եւ Հայրապետական պատգամը փոխանցէ: Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն: