Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱԹԷՆՔԻ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2015-ին, Աթէնք ժամանման յետմիջօրէին, Յունաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արք. Երոնիմոս Բ.-ի հետ:

Արքեպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ Յունաստանի Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան եկեղեցականներու ներկայութեան Երոնիմոս Արքեպիսկոպոս եղբայրական սիրով ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութեան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ողջունեց Արքեպիսկոպոսը եւ անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու դարաւոր յարաբերութեան: Երկու հոգեւոր պետերուն խօսակցութիւնը առաւելաբար կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, Յունաստանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ գաղթականներու առնչուած դժուարութեանց: Եղբայրական ջերմ հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:

Վեհափառ Հայրապետին շքախումբին մաս կը կազմէին Յունաստանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու և Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեան, Արժ. Տ. Հրայր Քհնյ Նիկոլեան, Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ Շահինեան, Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Տիար Արա Մանկոյեան եւ Տիար Պօղոս Չոլաքեան:

Յայտնենք, որ Աթէնքի օդակայանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը արժանացաւ պաշտօնական դիմաւորութեան Յունաստանի Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Մելիթոն Մետրոպոլիտին եւ այլ պետական ներկայացուցիչներու կողմէ: