«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԵՒ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Հովանաւորութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին, Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, «Կիլիկիա» Թանգարանի Կիւլպէնկեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութիւններու Ճանաչում եւ Կանխարգիլում» թեմայով երիտասարդական միօրեայ համագումար, որուն մասնակից դարձան հայկական եւ օտար երիտասարդական ու եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչները: Համագումարին բացումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ողջունելէ ետք Մեծի Տանն…