8 August, 2015

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ ԵՒ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆՑ ՇԱՐՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ, ՊԻՔՖԱՅԱ 10-14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2015

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, 10-14 Օգոստոս 2015-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ, քարոզախօսութիւն, շարականի երգեցողութիւն եւ սաղմոսերգութիւն, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով:

ՀԵՏԵՒԻՆՔ ՔՐԻՍՏՈՍԻ` ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2015
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ»
Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան

Երեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2015
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ»
Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան

Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2015
«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ
ԿԸ ԳՈՎԱԲԱՆԵՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ»
Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան

Հինգշաբթի, 13 Օգոստոս 2015
«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ»
Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեան

Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2015
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ԱՆՁԸ
ԶԱՆԱԶԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բարեպաշտ զաւակները մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով, եւ Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:

ԾԱՆՕԹ. Մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր պիտի տրամադրուին ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8։30-ին Սուրբ Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, տպարան Տօնիկեանի մօտ, Տորայի մայրուղիի վրայ գտնուող Մերսետես ընկերութեան մօտ եւ Անթիլիասի Մայրավանքին դիմաց:

 

More News