Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՅՂԵՑ ՀՀ ԳԱԱ-Ի ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ, «ՃԱՆԱՉՈՒՄԷ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեամբ, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանը, Հինգշաբթի 15 Հոկտեմբեր 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի դահլիճին մէջ ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, ուղղուած, «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Ճանաչումէ Հատուցում» միջազգային գիտաժողովին ներկայ, աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած հայ թէ օտար մասնակիցներուն: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ.…