5 August, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոս 2015-ի առաւoտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Հօմեր Մավրոմաթիսը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու հարցեր ու երեւոյթներ, որոնք առաւելաբար առնչուած են Կիպրոսի հայ համայնքին, Լիբանանի ու Կիպրոսի յարաբերութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ ընդհանրապԷս Միջին ԱրեւելքԷն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն:

 

More News