Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՀԵՏԵՒՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ հայ սրբանկարչութեան դասընթացքի հետեւողներուն հետ։ Այս երկրորդ տարին է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանը հայ սրբանկարչութեան յատուկ դասընթացք կը կազմակերպէ Կաթողիկոսարանէն ներս, Հայր Յովսէփ Վրդ. Աշգարեանի ուսուցողութեամբ։ Այս տարի եւս, աշակերտներ պիտի ծանօթանան հայ սրբանկարչութեան արուեստին եւ գործնապէս պիտի սորվին սրբանկարներ պատրաստելու արուեստը:…