ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ ՀՆՉԵՑ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՁԱՅՆԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

«Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած՝ մեր դարաւոր Կաթողիկոսարանին վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք, հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին»: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու զօրեղ յանձնառութեան արտայայտութիւնը եղող այս բառերը հնչեցին Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն՝ հայ ժողովուրդին ուղղուած Հայրապետական…

ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՅՐ ՕՃԱԽ

              1045 թուականին, 160 բեղուն եւ առլցուն տարիներու անցեալ, եւ հազար ու մէկ եկեղեցիներու տիտղոսով դրոշմուած մշակութային մայրաքաղաք Անին որպէս կեդրոն ունեցող Բագրատունիներու հարստութիւնը վերջնականապէս շիջեցաւ։             Սակայն 11-րդ դարու աւարտին, նոր հարստութեան մը սկիզբով, նոր արշալոյս բացուեցաւ հայոց համար։ 1080 թուականին, Ռուբէն իշխանը հայկական նոր թագաւորութեան մը հիմը դրաւ Կիլիկիոյ մէջ, հայերուն համար…