Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳՐԻԳՈՐ-ՊԵՏՐՈՍ Ի. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Երկուշաբթի, 27 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Զմմառու Վանք, շնորհաւորելու նորընտիր Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Պատրիարքը: Նորին Սրբութեան կ’ընկերանային Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Տպարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան եւ Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

 

4Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ նորընտիր Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ եւ «Հրաշափառ»ով առաջնորդուեցաւ մատուռ: Ապա, վանքի դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ համայնքը իր նոր Պատրիարքի ընտրութեան համար եւ շեշտեց գործակցութեան հրամայականը, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ներկայ պայմաններու լոյսին տակ: Նորընտիր Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան համար, եւ նշեց թէ Նորին Սրբութեան հովուապետական քսանամեայ փորձառութենէն մեծապէս պէտք է օգտուիլ՝ այս դժուարին պայմաններուն մէջ հովուելու մեր ժողովուրդը: