ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

  12-13 Նոյեմբեր 2015-ին, Լիբանանի Սէնթ Ճոզէֆ Համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը՝ «“Մէկ” Եկեղեցւոյ Մարտահրաւէրը՝ Միջ-եկեղեցական Շարժումի Ֆրանսական Պարբերաթերթերու Առաքելութիւնը» խորագրով: Համագումարը կազմակերպուած էր Սէնթ Ճոզէֆ Համալսարանին (USJ), Սէնթ Ճոզէֆ Համալսարանի Կրօնական Գիտութիւններու Ամպիոնին (FSR), Proche-Orient Chrétien աստուածաբանական պարբերաթերթին եւ Le Centre de Recherche et de Publications de l’Orient Chrétien-ի միասնական ճիգերով: Սոյն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Ն.Վ. ՖՐԱՆՍՈՒԱ ՀՈԼԼԱՆՏԻՆ

                                                                                     Անթիլիաս 14 Նոյեմբեր 2015   Նորին Վսեմութիւն Ֆրանսուա Հոլլանտ Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Փարիզ   Յարգելի՛ Պրն. Նախագահ,             Խոր ցաւով ու ընդվզումով երէկ գիշեր հետեւեցանք Փարիզի ահաբեկչական դէպքերուն։ Արդարեւ, հաւաքական ահաբեկչութեան, այլ խօսքով՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը ու հայ եկեղեցին գոյութենական փորձառութեամբ գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ անմեղ մարդոց արիւնը թափել։ Ահաբեկչութիւնը համամարդկային…