Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ Մ.Ա.Կ.-Ի ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ Ս. ՏԸ ՄԻՍԹՈՒՐԱՅԻ ՀԵՏ

  Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ:        Սուրիայէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան ու վերջին զարգացումներուն շուրջ տեղեկութիւններու եւ տեսակէտներու փոխանցումէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը Սուրիական հարցին խաղաղ լուծման իր պատկերացումը ներկայացուց հետեւեալ ձեւով:  …