ՀԱՍԿ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻՆ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր 2023 ԹԻՒԸ ԱՅԺՄ ԿՐՆԱՔ ԿԱՐԴԱԼ ԱՌՑԱՆՑ

Կաթողիկոսարանիս պաշտօնաթերթ ՀԱՍԿ-ին թիւերը կրնաք կարդալ առցանց՝ սեղմելով հոս, իսկ վերջին թիւը կը գտնէք այս հասցէակապին վրայ։    Անոնք, որոնք կը փափաքին ստանալ ՀԱՍԿին տպուած տարբերակը, կրնան կապ հաստատել Կաթողիկոսարանիս հետ հեռաձայնելով 04410001 թիւին կամ գրելով info@armenianorthodoxchurch.org հասցէին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2023-ին, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը Մայրավանք այցելելով աւելի քան մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:   Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած «Սինոտալիթէ»ի նուիրուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց համագումարը, նոյն օրերուն Հռոմի մէջ կայացած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850…