3 January, 2023

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Երկուշաբթի, 2 Յունուար 2023-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը Կաթողիկոսանիստ Մայրավանք այցելելով՝ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ներկայութեամբ Գերպ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի:

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու Արցախի պարզած ներկայ տագնապալից կացութեան, Լիբանանը դիմագրաւող ընկերատնտեսական դժուարութիւններուն եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները յուզող խնդիրներուն:

 

Երկու հոգեւոր պետերը շեշտեցին մեր ժողովուրդը դիմագրաւող ներկայ տագնապալից ժամանակներուն ազգային համախմբումի հրամայականը: