5-8 Մարտ 2024-ին, Ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) ներկայ ութամեայ նստաշրջանի աշխատանքներուն ծրագրաւորման ժողովը։ Այս ծիրին մէջ, Կլիմայական Արդարութեան Եւ Կայուն Զարգացման յանձնաժողովին յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամ Արշաւ Ճէրէճեան։
Յանձնաժողովը ընդգծեց եկեղեցիներու դերակատարութիւնը կլիմայական արդարութեան, սնունդի եւ ջուրի, տնտեսագիտական, կենսաբազմազանութեան եւ տիաքոնիայի հարցերուն լուծման անհրաժեշտութեան՝ դիտել տալով, որ վերոնշեալներուն բարւօք լուծումները կ՚ապահովեն մարդկանց հիմնական իրաւունքները։ Սոյն օրակարգերը յառաջիկային պիտի շարունակուին մշակուիլ եւ ի գործ դրուիլ թէ՛ առցանց եւ թէ՛ անձամբ գումարուած նիստերու ընթացքին, որպէսզի համագործակցութիւնը առաւել եւս խթանուի եւ ջանքերը աւելի լաւ կերպով համադրուին։