16 November, 2022

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

7-11 Նոյեմբեր 2022-ին, Վանգուվըրի (Գանատա) մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու տարեկան համագումարը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը։ Համաճարակէն ետք սա առաջին հանդիպումն էր, որ կայացաւ ժողովականներու ֆիզիքական ներկայութեամբ:

 

Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան աշխատանքներու վարիչ ժողովին պարզեց իր զեկոյցը։ Հայր Հրանդ իր տեղեկագիրին մէջ ընդգծելէ ետք մեր Սուրբ Աթոռին միջ-եկեղեցական իրագործումներն ու տարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրները, լուսարձակի տակ առաւ Արեւելեան Ուղղափառ եւ այլ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ու ընթացող երկխօսութիւնները։ Այս ծիրին մէջ հայր սուրբը անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ներկայութեան, յատկապէս Լիբանանին եւ անոր դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային տագնապներուն՝ շեշտելով միջազգային համայնքին զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը։

 

Ժողովի ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Արցախի հիմնախնդիրը, ուր ժողովականները դատապարտեցին Ազրպէյճանի կողմէ նախայարձակ զինուորական գործողութիւնները Արցախի ինքնանկախ իշխանութեան դէմ, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին անարդար մօտեցումը հարցի լուծման գծով։ Այս առիթով ժողովական հայրերը վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեանց, նաեւ աղօք բարձրացուցին ընդհանրապէս եկեղեցիներու միութեան համար։