Չորեքշաբթի, 1 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոն Պքէրքէի մէջ կայացաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը։ Նշենք, որ մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի Պատրիարքին կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան ընթացքին քննարկումներուն ընդմէջէն ծնած էր քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին մասին առաջարկ մը, որմէ ետք պիտի հանդիպէին նաեւ քրիստոնեայ երեսփոխանները, որպէսզի կարելի ըլլար հաւաքական մօտեցումներ ճշդել եւ նախագահական ընտրութեան առաջնորդող գործընթացը դիւրացնել։
Վերոյիշեալ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւնը պատրաստուած էր Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, ուր կարեւորութեամբ շեշտուած էր Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը շուտափոյթ կատարելու անհրաժեշտութիւնը։
Նորին Ս. Օծութիւնը անձնապէս չկարողացաւ մասնակցիլ հոգեւոր պետերու այս ժողովին եւ յանուն մեր Ս. Աթոռին մասնակցեցան Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան։