4 March, 2024

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Ուրբաթ, 1 Մարտ 2024-ին, լեռնալիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր առաջնորդ Խրիսոսթոմոս Միքայէլ Շամուն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ ստանալու համար Հայրապետին օրհնութիւնը իր առաջնորդական առաքելութեան սկզբնաւորութեան։

 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նորընտիր առաջնորդին ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր հովուական աշխատանքներուն մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, որ երկար դարերու գործակցութիւն գոյութիւն ունի երկու եկեղեցիներուն միջեւ, որոնք աստուածաբանական ու դաւանական նոյն տեսակէտները ունին։

 

Հանդիպման աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը ձեռաց խաչ մը նուիրեց նորընտիր Շամուն եպիսկոպոսին։