5 November, 2022

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ

Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց միջ-եկեղեցական պատասխանատուներ՝ Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն, Ամերիկայէն, Եգիպտոսէն, որոնք Լիբանան ժամանած էին խորհրդակցութիւններ ունենալու Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան գծով եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու շրջանի եկեղեցիներուն՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ.) ճամբով։

 

Պատուիրակութիւնը երկօրեայ քննարկումներ կատարած էր յիշեալ Խորհուրդի պատասխանատուներուն հետ, թէ ի՛նչ ձեւով վերոյիշեալ երկիրներու եկեղեցիները գործնապէս կրնան նպաստել Խորհուրդի կարգ մը ծրագիրներուն։ Նկատի ունենալով Վեհափառ Հայրապետին երկար տարիներու միջ-եկեղեցական հարուստ փորձառութիւնը, պատուիրակութեան անդամները փափաք յայտնած էին Հայրապետին հետ եւս հանդիպում ունենալու։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը նախ ընդհանուր գծերով ներկայացուց միջազգային մակարդակի վրայ միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ապա լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու միջ-եկեղեցական գործակցութեան։ Այս ծիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարգ մը մատնանշումներ կատարեց՝ շեշտելով եկեղեցիներու հաւաքական աշխատանքը աւելի ամրապնդելու եւ կրթական ու մարդասիրական ծառայութիւնը ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը։ Աւարտին, Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։

 

Նորին Ս. Օծութեան հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, պատուիրակութիւնը այցելեց Մայր Տաճար, Սրբոց Նահատակաց յուշարձան եւ «Կիլիկիա» թանգարան։

 

Յայտնենք, որ հանդիպման ներկայ էին Մ.Ա.Ե.Խ.ի ընդհանուր քարտուղար դոկտոր Միշէլ Ապսը եւ օգնական ընդհանուր քարտուղար Սեդա Խըտըշեանը։