Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ

Հիւսիսային Ամերիկային Արեւելեան շրջանին իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 17 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատուոյ հիւրը եղաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ համայնքի հոգեւոր պետ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին:   Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած յոյն ուղղափառ հոգեւոր կեդրոնին մէջ ընդունելով Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը, արքեպիսկոպոսը ողջունեց Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔՆԷԹԻՔԸԹԻ ՆԻՒ ՊՐԻԹԸՆ ՔԱՂԱՔԸ

Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Թրոյէն մեկնեցաւ Նիւ Պրիթըն (Քընէթիքըթ)  եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ մօտակայ շրջաններէն ժամանած քահանայ հայրերու, հոգաբարձութեանց անդամներուն ու ազգային երեսփոխաններուն կողմէ:   Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի կանոնական արարողութիւնը, որուն աւարտին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը ողջունեց Հայրապետին ժամանումը…