20 November, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ամերիկային Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Հայոց Թեմին կատարած այցելութեան առիթով եւ նկատի ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մասնակցութիւնը միջ-եկեղեցական շարժումին եւ ունեցած լայն կապերը, Ազգային Առաջնորդարանը միջ-եկեղեցական աղօթքի արարողութիւն մը կազմակերպեց Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին արարողութեան մասնակցեցան Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը եւ Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը: Միջ- եկեղեցական աղօթքին մաս կազմեցին նաեւ Նիւ Եորքի բոլոր օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:

 

Հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած եկեղեցական այս արարողութիւնը խոր տպաւորութիւն թողուց ներկաներուն եւ առցանց հետեւողներուն վրայ: Եզակի երեւոյթ էր յատկապէս Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի 24 տուներուն ընթերցումը 24 լեզուներով՝ ներկաներուն կողմէ։

 

Միջ-եկեղեցական աղօթքի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը խօսք առնելով՝ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցելու: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ միութեան ըմբռնումին ու հրամայականին, ինչպէս նաեւ միութեան գործնական արտայայտութիւն տալու միջոցներուն: Ան յատկապէս շեշտեց, որ ներկայ աշխարհին մէջ, երբ քրիստոնեայ հաւատքը վտանգուած է, անհրաժեշտ է մէկ կողմ թողուլ անցեալէն ժառանգուած դաւանական հարցերը եւ միջ-եկեղեցական գործակցութեան ճամբով հասարակաց կեցուածքներ որդեգրել քրիստոնէական հաւատքը վտանգող շարժումներուն նկատմամբ:

 

Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: