Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ հետեւեալ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ.- Գարակէօզեան Հաստատութեան յանձնաժողով — Քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ հաստատութեան մասնաճիւղերուն գործունէութեան առնչուած նիւթեր։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց ի տես մեր համայնքներու կեանքին մէջ Գարակէօզեանին տարած աշխատանքին եւ թելադրեց վերանորոգ թափով շարունակել հաստատութեան նիւթական…