7 August, 2023

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

«ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԱՐՑԱԽԻՆ ՀԱՄԱՐ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Երկուշաբթի, 7 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Պապական Նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին։

 

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի միջեւ յարաբերութեան առնչուած եւ այլ միջ-եկեղեցական հարցեր։

 

Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով Պապական Նուիրակին ուշադրութեան յանձնեց աւելի քան 8 ամիսներէ ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակումի ենթարկուած Արցախի պարզած ներկայ կացութիւնը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, թէ «հայ եկեղեցին ու հայ ազգը միշտ երախտապարտ եղած են Հայաստանի ու Արցախի գծով Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին եւ ընդհանրապէս Վատիկանի զօրակցական կեցուածքներուն ու արտայայտութիւններուն նկատմամբ։ Գիտենք, որ Պապը Արցախի շրջափակման առիթով իր մտահոգութիւնը յայտնած էր ու շեշտած՝ կարելի փութով անոր վերջ տալու անյետաձգելի հրամայականը»։ Շարունակելով իր խօսքը Հայրապետը ըսաւ.- «մեր ազգին ջերմ սպասումն է, որ Արցախի նկատմամբ Վատիկանը շարունակէ զանազան կարպերով իր զօրակցութիւնը արտայայտել, յատկապէս միջազգային շրջանակներէն ներս»։

 

Պորճիա եպիսկոպոսը մօտէն տեղեակ ըլլալով Արցախի հարցին, խոստացաւ Վեհափառ Հայրապետին մտածումներն ու սպասումները շուտով փախանցել Վատիկանին։