Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՔԱԹԱՐ՝ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՒԷՐՈՎ
Երեքշաբթի, 9 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Տոհա (Քաթար)՝ պետութեան հրաւէրով: Եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ Քաթարի հայ գաղութին հետ: Յիշեալ այցելութեան ընթացքին, Նորին Ս. Օծութեան ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Հայկական…