ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՆԱՅՈՒՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

10-15 Մարտ 2024-ին, Պոլսոյ մէջ, Տիեզերական Պատրիարքութեան հրաւէրով, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Համախոհութեան եւ Համագործակցութեան Մնայուն Յանձնախումբի տարեկան ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ ժողովին մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։

Յանձնախումբը ունի 14 անդամ-անդամուհի՝ եօթը Ուղղափառ ու Արեւելեան Ուղղափառ եւ եօթը Բողոքական Եկեղեցիներէ. յանձնախումբը կ՚ընտրուի եօթը տարին անգամ մը գումարուող Ե.Հ.Խ.ի համաժողովէն եւ կը քննարկէ Խորհուրդին յաջորդ եօթնամեակի ծրագիրներն ու գործունէութիւնը եւ կ՚երաշխաւորէ, որ Ե.Հ.Խ.ի բոլոր անդամ եկեղեցիները, քրիստոնէական սիրով լեցուած, հեզասահ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ունենան Խորհուրդի կեանքին մէջ։ Յայտնենք, որ յանձնախումբը ծնունդ առաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ե.Հ.Խ.ի ատենապետութեան օրերուն եւ Նորին Սրբութեան ջանքերով՝ առաւելաբար ապահովելու համար Ուղղափառ Եկեղեցիներու անդամակցութեան շարունակութիւնը Խորհուրդին մէջ։

Յանձնախումբին աշխատանքը մեծ մասամբ յատկացուեցաւ Ե.Հ.Խ.ի կանոնագրութեան եւ անդամակցութեան կարգ մը կէտերու լուսաբանութեան, յանձնաժողովներու գործունէութեան եւ 2023-2030-ի ծրագիրներու ներկայացումին ու ուղղորդումին, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Ե.Հ.Խ.ի Ընդհանուր Քարտուղար դոկտ. Ճերի Փիլէյ։

Այս առիթով ժողովականները նաեւ այցելեցին Պոլսոյ կարգ մը Ուղղափառ ու Բողոքական եկեղեցիները եւ աղօթեցին հաւատացեալներուն հետ, եւ հանդիպեցան Ն.Ա.Տ. Փարթոլոմիօ Տիեզերական Պատրիարքին ու Ն.Ա.Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան Պատրիարքին։ Նարեկ Արքեպիսկոպոս երկու պատրիարքներուն փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները։

Շաբաթ, 16 Մարտ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապ տօնին առթիւ, Նարեկ սրբազան ներկայ գտնուեցաւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սահակ Պատրիարքին հանդիսապետութեամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագին եւ ճաշի ընթացքին իր սրտի խօսքը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին։

Պոլիս կեցութեան օրերուն, սրբազան հայրը միջ-եկեղեցական աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ Քաղկեդոնի Յոյն Ուղղափառ առաջնորդ Էմմանուէլ Մետրոպոլիտին եւ Թուրքիոյ հայ կաթոլիկ առաջնորդ Գերապայծառ Լեւոն Զեքիեանին հետ։ Ան նաեւ այցելեց Մարմարա, Ժամանակ ու Ակօս թերթերու խմբագիրներուն եւ Արաս հրատարակչականի տնօրէնին։