9 October, 2023

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Ստեղծագործութեան յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու նպատակով, ամէն տարի, շուրջ ամիս մը տեւողութեամբ, աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ յատուկ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին եւ կենսոլորտի պահպանութեան հրամայականը կը շեշտուի: Այս իրողութենէն մեկնելով, 2021 թուականէն սկսեալ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) 1 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանը կը յատկացնէ կենսոլորտային հարցեր քննարկելու՝ շրջանի երկիրներուն մէջ դասախօսական շարքեր կազմակերպելով եւ միջ-եկեղեցական աղօթքներ կատարելով:

 

Այս առիթով, Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2023-ին, Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանին (USEK) մէջ տեղի ունեցաւ կենսոլորտի պահպանութեան յատուկ միջ-եկեղեցական աղօթք, որուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ մասնակցեցան չորս երիտասարդ միաբաններ՝ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան, Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութեանց պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեան:

 

Իսկ երկրորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբերին, Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ կենսոլորտի նուիրուած գիտաժողով, որուն նիստերէն մէկուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Դպրեվանքի տեսուչ Հայր Պարոյրը՝ «Բնութեան հասկացողութիւնը Հայ եկեղեցւոյ դիտանկիւնէն» նիւթով: