26 January, 2023

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

23 եւ 24 Յունուար 2023-ին‚ Ռաս Ալ Խայմայի մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն, տեղի ունեցաւ Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ժողովը‚ որուն յանուն Հայ եկեղեցւոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանն ու Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան։

 

Երկօրեայ ժողովը կեդրոնացած էր Ծոցի Երկիներէն ներս գործող եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն՝ անդրադառնալով յատկապէս համաճարակի ստեղծած դժուարութիւններուն:

 

Նշենք, որ սոյն Խորհուրդի ստեղծման եւ անցնող տասը տարիներու ընթացքին բարգաւաճման մէջ իր ուրոյն տեղն ունի Հայ Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։