Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին յղած իր ցաւակցագիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վախճանեալ Պէնէտիքթոս ԺԶ. Պապը կը նկատէ որպէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծագոյն աստուածաբաններէն մէկը, որ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ ընդհանրապէս եկեղեցի-ընկերութիւն փոխ-յարաբերութեանց խնդիրներու գծով, իր յստակ տեսակէտներով ու խոր վերլուծումներով առանցքային դեր ունեցած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մօտեցումներու ձեւաւորման ու զարգացման մէջ:
Նոյն օրը Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքէն պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուաւ Լիբանանի մօտ պապական նուիրակին եւ յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ցաւակցութիւն յայտնեց Պէնէտիքթոս Պապին վախճանման առիթով: Յայտնենք, որ վաղը Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք Պապին յուղարկաւորութեան պիտի մասնակցին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան (ուսանող Հռոմի մէջ):