ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Մարտ 8-ն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռոյս գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին ծննդեան օրն է։ Արդարեւ, Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, վանաբնակ միաբան հայրերն ու Կաթողիկոսարանի զանազան կառոյցներու պաշտօնէութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշեցին ազգիս հովուապետին ծննդեան տարեդարձը։ Սիրոյ, յարգանքի, առողջութեան, արեւշատութեան ու բեղուն ծառայութեան բարեմաղթութիւններով լեցուն խօսքեր արտասանուեցան միաբանութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ։…