Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023-ին, Պէյրութի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Տանիէլ Եպս. Գուրիէի գլխաւորութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Գերմանիայէն ժամանած քսան ասորի ուսուցիչներ: Անոնք կը դասաւանդեն կրօնագիտութիւն Գերմանիոյ գոլէճներուն մէջ: Անոնցմէ ոմանք Թուրքիայէն եւ Սուրիայէն արտագաղթած են տարիներ առաջ, իսկ ոմանք՝ Գերմանիա ծնած:
Տանիէլ Եպս. խօսք առնելով՝ ներկաներուն անունով իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին, Արցախի հարցով ստեղծուած տագնապին գծով: Ան պարզեց ուսուցիչներուն այցելութեան նպատակը: Խօսք առաւ նաեւ ուսուցչաց խումբին ներկայացուցիչը եւ յիշեց, որ տարիներ առաջ ան հանդիպած էր Վեհափառ Հայրապետին հայ եւ ասորի եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին: Ան նաեւ անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ ունեցած տիրական ներկայութեան:
Ողջունելով ներկաներուն այցելութիւնը Պիքֆայայի Վանք, Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ երկու եկեղեցիներուն դարաւոր գործակցութեան: Այս ծիրէն ներս ան յիշեց հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն սերտ յարաբերութիւնը արտայայտող դէպքերն ու երեւոյթներ: Հայոց Հովուապետը շեշտեց ներկայ աշխարհին մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան հրամայականը, այս պարագային յատկապէս հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն, որոնք պատմութենէն ժառանգած գործակցութեան փորձառութիւն ունին։ Այս իրողութիւնը յիշեցում մըն է երկու եկեղեցիներու եւ ազգերու գործակցութեան նոր մղում տալու անհրաժեշտութեան, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Հայրապետին հետ հանդիպումէն ետք, Տանիէլ Եպս.ին գլխաւորութեամբ, ասորի ուսուցիչները այցելեցին Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը եւ հոն աղօթքի ճամբով յիշեցին Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանուած հայ եւ ասորի նահատակները: