ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Երեքշաբթի, 17 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:   Դեսպանը Նորին Ս. Օծութեան պարզեց Հայաստանէն ու Արցախէն ներս տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Բերձորի (Լաչին) միջանցքին վերաբացման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:   Հայրապետը, իր կարգին, յայտնեց նոյն հարցին գծով իր հաստատած կապերը օտար շրջանակներու հետ եւ վերաշեշտեց մեր…

ԻՍԼԱՄ ՍԻՒՆՆԻ ՈՒ ՇԻԻԹ ԿՐՕՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Չորեքշաբթի, 18 Յունուար 2023-ին, Կաթողիկոսանիստ Վանք այցելեց իսլամ սիւննի ու շիիթ կրօնականներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւնը եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ազգին նկատմամբ՝ շեշտելով Բերձորի (Լաչին) միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը՝ մարդասիրական մտահոգութենէ մեկնած: Ան նաեւ իր գնահատանքը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան գծով կատարած աշխատանքներուն համար: Նորին Ս. Օծութիւնը…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2023-ին, Վեհարանի մէջ։ Նիստին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսը։ Մասնակցեցան ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ հեռակայ՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան։   Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական հիմնադրամ»ի վերջին հրատարակութիւններուն եւ շեշտը դրաւ յատկապէս ժամանակակից խնդիրներուն…