9 February, 2024

ԵՐԵՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Երկխօսութիւնն ու փոխ յարաբերութիւնը անձերու կամ կառոյցներու միջեւ առիթ են զիրար ճանչնալու ու ծանօթանալու։ Անցնող չորս տարիներու ընթացքին, կաթոլիկ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու համար կ՚իրականանայ Վատիկանի ծանօթացման յատուկ ծրագիր մը։

 

Արդարեւ, այս տարի եւս, 22 Յունուարէն 2 Փետրուար 2024-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, յիշեալ ծրագիրին մասնակցեցան երեք երիտասարդ հոգեւորականներ՝ Դպրեվանքի հսկիչներէն Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան ու Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեան, եւ Միշիկընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմ). իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Աբղ. Սմբատեան, Արժ. Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան եւ Արժ. Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։

 

Յայտնենք, որ նոյն օրերուն տեղի կ՚ունենար արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան 20-րդ հանդիպումը, որուն, կարգ մը նիստերու, ներկայ գտնուեցան նաեւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականները եւ ականատես եղան, թէ ի՛նչ ձեւով տեղի կ՚ունենան եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնները ու հանդիպումները։

 

Երիտասարդ հոգեւորականներու օրակարգին գլխաւոր նպատակն էր այցելել եւ ծանօթանալ Վատիկանի եկեղեցիներուն, վանքերուն, համալսարաններուն եւ մատենադարաններուն, որոնց մասին մանրամասն տեղեկութիւններով հանդէս կու գային տուեալ կառոյցին պատասխանատու մարմինները։ Այս այցելութեանց օրակարգին մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ հանդիպումը։ Պապը իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը եւ իրարու միջեւ փոխ հասկացողութեան եւ փոխ յարաբերութեան հրամայականը։

 

Յիշենք, որ Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ին, Իտալիոյ Ս. Վլաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն մասնակցեցան միաբան եւ քահանայ հայրեր։ Այս առիթով օրուան քարոզախօսութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան, բնաբան ունենալով «Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ» (Յհ 6.27) Քրիստոսի խօսքը։