Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր եւ Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանը Վատիկանի մէջ հետեւեալ պաշտօնական հանդիպումները ունեցաւ.-   ա) Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, սրբազան հայրը ընդունուեցաւ Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին կողմէ եւ Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները փոխանցելէ ու պատշաճ խօսք մը արտասանելէ ետք, Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց իր…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2023-ին, Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի նոր վարչութիւնն ու երիտասարդական խորհուրդը իրենց առաջին հանդիպումը ունեցան Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին հետ եւ ստացան անոր Հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնն ու թելադրութիւնը։ Վարչութիւնն ու խորհուրդը կը գլխաւորէր երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանը։   Հանդիպման ընթացքին խմբավար հայր սուրբը Հայրապետին ուղղած…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու հինգերորդ առցանց նիստը կայացաւ:   Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրած եւ նախագահած նիստին մասնակցեցան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը, դոկտ. Արմէն Մարուքեանը, փրոֆ. Վահրամ Բալայեանը, դոկտ. Վիգէն Չըթըրեանը, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը, Շահան Գանտահարեանը եւ քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեանը:   Օրակարգի առաջին կէտով Նորին…

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄԸ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Պուրճ Համուտի քաղաքապետական կազմին: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ, քաղաքապետութեան խորհուրդը կը բաղկանայ 21 անձերէ՝ մեծամասնութիւնը Լիբանանի հայ համայնքը ներկայացնող:   Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը, յանուն քաղաքապետարանին, Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց Լիբանանի մայրին ներկայացնող յուշանուէր մը   Քաղաքապետութեան կողմէ խօսք առաւ Ճորճ Գրիգորեանը: Առաջին հերթին, ան իր ջերմ…