ՅԱՆՈՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 6-7 Նոյեմբեր 2023-ին, մասնակցեցաւ Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարին։

 

Այս համագումարը կազմակերպուած էր Վատիկանի, Ա.Մ.Է.ի եւ իսլամ բանասէրներու միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ։ Համագումարին նպատակն էր քննարկում կատարել Ապու Տապիի մէջ կայանալիք կենսոլորտին նուիրուած միջ-պետական հանդիպումին մասին՝ միջ-կրօնական տեսանկիւնէն դիտուած։

 

Համագումարին ներկայ գտնուած կրօնապետերը հակիրճ ելոյթներ ունեցան, իսկ աւարտին համագումարը հանդէս եկաւ ընդհանուր յայտարարութեամբ։

 

Յայտնենք, որ Մեսրոպ սրբազանը այս առիթով հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը կրօնապետերու հետ։