ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ
Շաբաթ, 2 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին այցելեց Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը (Զ.Ո.Մ.)՝ ստանալու համար անոր օրհնութիւնն ու թելադրութիւնները։ Հանդիպումին ներկայ էր Զ.Ո.Մ.ի մօտ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան։ Զ.Ո.Մ.ին անունով սրտի խօսք արտասանեց Միութեան ատենապետ Սանահին Թոմասեան։ Ան ըսաւ, որ Միութիւնը կը բոլորէ իր 120 ամեակը. 2024 տարուան…