Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2023-ին, Ուաշինկթընի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերու հոգեւորականներու համագումարը: Թեմերը, առաջնորդ սրբազաններուն՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի (Արեւելեան Հայոց Թեմ), Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի (Գանատայի Հայոց Թեմ) եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի (Արեւմտեան Հայոց Թեմ) եւ հոգեւոր դասուն հետ, իրենց մասնակցութիւնը բերին յիշեալ համագումարին:  …

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ 30 Հոկտեմբերէն 3 Նոյեմբեր, 2023-ին, Պոսէի էքիւնենիք հիմնարկին եւ Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնին մէջ։ Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը։   Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ Հայր Հրանդ առաւելաբար կեդրոնացաւ Արցախի հարցին՝ դիտել տալով, որ Արցախի էթնիկ…

ՅԱՆՈՒՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 6-7 Նոյեմբեր 2023-ին, մասնակցեցաւ Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարին։   Այս համագումարը կազմակերպուած էր Վատիկանի, Ա.Մ.Է.ի եւ իսլամ բանասէրներու միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ։ Համագումարին նպատակն էր քննարկում կատարել Ապու Տապիի մէջ…