Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 31 Օգոստոս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Մարսէյէն (Ֆրանսա) Պէյրութ թիավարած Արա Խաչատուրեանը։   27 Մայիսին, Խաչատուրեան մեկնարկած էր «Թիավարութիւն Յանուն Խաղաղութեան» խորագրեալ իր վերոյիշեալ առաքելութեան, նպատակ ունենալով իր մասնակցութիւնը բերել աղքատութեան ու պատերազմներու դէմ պայքարին։   Վեհափառ Հայրապետին հետ տեսակցութեան ընթացքին, Խաչատուրեանը խօսեցաւ իր առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն կարեւորութեան մասին։   Արա…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2023-2024 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ԺՈՂՈՎԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2023-2024 ուսումնակրթական տարեմուտի սեմին, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ ուսուցչական ժողով, Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023-ին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ:   Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը, որ անդրադառնալով Դպրեվանքի առաքելութեան՝ ըսաւ, որ մեր ազգի դիմագրաւած տխուր տագնապներուն դիմաց,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 15-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբերէն Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023-ին, Հնդկաստանի Քոթայամ քաղաքին մէջ կայացաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի 15-րդ համաժողովը՝ «Աստուա՜ծ, վերանորոգէ մեզ Քու շունչովդ եւ վերականգնէ արարչագործութիւնը» խորագիրով։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս համաժողովին մասնակցեցան Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդ ու Խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը եւ Անի Քրիստի սարկաւագ Մանուէլեանը։   Ժողովին…