Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԺԱՄԱՆԵՑ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ (ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)
2023 տարուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ձեռնարկեց հովուապետական այցելութիւններու՝ նպատակ ունենալով ըլլալ մեր ժողովուրդին հետ, իրազեկ դառնալ գաղութներէն ներս տարուող վարչակազմակերպչական աշխատանքներուն եւ գաղութներու վերակազմակերպան աշխատանքներու գծով փոխանցել իր թելադրութիւնները։ Արդարեւ, Կիրակի, 21 Յունուար 2024-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Ապու Տապի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)։ Տասը օրուան այս այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ…