Շաբաթ, 23 Մարտ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքին միջեւ հանդիպում կայացաւ ասորիներու Աթշանէի վանքին մէջ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր։
Այս հանդիպումին, Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։
Յայտնենք, որ նոյն օրը երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազեն։