28-29 Նոյեմբեր 2022-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր վարչութեան ժողովը իր անդրանիկ նիստը գումարեց Լիբանանի լատին համայնքին պատկանող Ալ-֊Պիր վանքի դահլիճին մէջ: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Սէն Ժոզէֆ եւ Հայկազեան համալսարաններու դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան։ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, իբրեւ անդամ Գործադիր վարչութեան, չկրցաւ ներկայ գտնուիլ ժողովին:
Ժողովականները երկու օրուան վրայ տարածուած աշխատանքով քննարկեցին Մ.Ա.Ե.Խ.ի կառոյցին եւ առաքելութեան հետ առնչուած հարցեր, որոնք փոխանցուած էին Մայիս 2022-ին Եգիպտոսի մէջ կայացած Խորհուրդի 12-րդ համաժողովին կողմէ։ Ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապս խորհուրդի վերջին վեց ամիսներու գործունէութեան մասին իր տեղեկագիրը ներկայացուց։ Ապա, ժողովականները լայնօրէն քննարկեցին խորհուրդի ծրագրային, վարչական, տնտեսական ու յարաբերական երեսներուն առնչուած շարք մը հարցեր ու որդեգրեցին համապատասխան որոշումներ։ Գործադիր վարչութեան լիակատար նիստերու երկրորդ օրուան առաջին նիստը յատկացուեցաւ երիտասարդներուն, որոնք Միջին Արեւելքի զանազան շրջաններէն Լիբանան ժամանած էին՝ տեղւոյն երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները ներկայացնելու ժողովին։
Ժողովը վաւերացուց ընդհանուր քարտուղարին երեք գործադիր գործակիցները՝ Կաթողիկէ, Աւետարանական եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցական ընտանիքներէն նշանակուած։ Օրհնութեամբ եւ տնօրինումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Արեւելեան Ուղղափառ ընտանիքին կողմէ յիշեալ պաշտօնին նշանակուեցաւ տիկին Սեդա Խտըշեանը։ Գործադիր վարչութիւնը նաեւ քննեց երկու տարի ետք Մ.Ա.Ե.Խ.ի հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով կայանալիք Համաժողովին եւ տեղի ունենալիք հանդիսութիւններուն առնչուած ծրագիրները։
Յայտնենք, որ Նորին Ս. Օծութիւնը յաջորդական երկու շրջաններուն՝ «2006-2016», նախագահներէն մէկն էր յիշեալ խորհուրդին եւ Ամմանի մէջ գումարուած 11-րդ Համաժողովին Վեհափառ Հայրապետը ընտրուած էր պատուոյ նախագահ Մ.Ա.Ե.Խ.ին: