Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՂԴԷԱՑԻՆԵՐՈՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԵՒ ՎԵՐ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԸ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ

Ուրբաթ, 4 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց քաղդէական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Մար Լուիզ Ռաֆայէլ Սագօ Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Միշէլ Քասսարճի եպիսկոպոսը։
 
Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Նորին Ս. Օծութեան անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցել Իրաքի մէջ Սագօ Պատրիարքին դիմագրաւած կարգ մը քաղաքական դժուարութիւններուն մասին։
 
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց քրիստոնէական միութիւնը ամրապնդելու ու միաժամանակ Իրաքի պետական ու քաղաքական պատասխանատուներուն հեր բարւոք լուծումներ գտնելու հրամայականը։
 
Նոյն օրը, Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահի տեղակալ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանը։
 
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան, Լիբանանի ու Սուրիոյ համայնքներուն դիմագրաւող ընկերատնտեսական դժուարութեանց, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցերու եւ Լիբանանի համալսարաններու ցանցին մէջ Հայկազեան համալսարանին ունեցած իւրայատուկ դերակատարութեան։